2011-05-26 12:16:11

Կարտինալ Թիւրքսոնի Գնահատումով ՄԱԿի Զինեալ Միջամտութիւնը Լիպիոյ Դէմ Խնդրայարոյց Է։


''Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Թիւրքսոն, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ թէ ՄԱԿի զինեալ միջամտութիւնը Լիպիայի դէմ խնդրայարոյց է։ Ան յիշեցուց թէ անցեալ մարտ ամսոյն կատարուած զինեալ միջամտութիւնը կը նպատակադրէր պաշտպանել քաղաքացիները. սակայն այս վերջինները թիրախ են թէ՝ Քատտաֆիի բանակին եւ թէ՝ ընդդիմութեան կրակին։ Կարտինալ Թիւրքսոնի գնահատումով պատերազմը շուտով պէտք է դադրի, որովհետեւ անոր դրդապատճառները յստակ չեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.