Խրուաթիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին Իրաւասու Է Դպրոցներ Ունենալու Եւ Մատակարարելու։
Ս. Աթոռը եւ Խրուաթիան համաձայնագիր մը ստորագրած են, որով կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը ճանչցուի
իրաւունքը ունենալու իր սեփական դպրոցները։ Այս համաձայնութիւնը կու գայ Պենետիկտոս ԺԶ.
Քահանայապետին ( 4-5 յունիս) Խրուաթիա այցելելէն մի քանի օր առաջ։ Խրուաթիայի նախարարապետը՝
տիար Գոզոր ընդգծած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրթական եւ դաստիարակչական հաստատութիւններու
դրական դերը ընկերութեան մէջ։ Այդ հաստատութիւնները միշտ աշխատած են հզօրացնել աշակերտներու
մօտ հայրենասիրութեան, կրօնական ու մշակութային առողջ զգացումները։