2011-05-26 12:16:18

Զուիցերիա - 10րդ Ուխտագնացութիւն Դէպի Ափրիկեան Սուրբերու Ուխտավայրը։


Յառաջիկայ 4 յունիսին, Զուիցերիոյ Սան Մորիս վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ 10-րդ ուխտագնացութիւնը դէպի ափրիկեան սուրբերու նուիրուած ուխտավայրը։ Այս տարուայ ուխտագնացութիւնը տեղի կ'ունենայ նահատակ սրբուհի Անուառիթ Նենկափեթայի պաշտպանութեան ներքեւ, (ի դէպ՝ սրբուհի Անուառիթ Նենկափեթա նահատակուեցաւ 1964ին՝ Գոնկոյի Իզիրոյ վայրին մէջ) ։ Ան եղած է դաստիարակ կրօնաւորուհի մը։ Զուիցերիոյ ափրիկեան երգչախումբը կը գլխաւորէ Ափրիկէի նահատակ սուրբերու տարեդարձի տօնական հանդիսութիւնները կազմակերպելով գոհաբանական աղօթքներ, երգեր ու պարեր, ներշնչուած՝ ափրիկեան աւանդութիւններէն, ինչպէս նաեւ կարդալով Ափրիկէի նահատակ սուրբերու կեանքէն ու գրութիւններէն էջեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.