2011-05-25 13:44:13

ՕԹԱՆ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Թրիփոլին։


ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ մինչեւ օրս իրենց ամէնէն բուռն յարձակումը գործեցին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ, ուր հարուածեցին տարբեր թիրախներ, որոնց շարքին էր լիպիական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը: Արձանագրուեցան19 զոհեր եւ շուրջ 150 վիրաւորներ:

ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները դարձեալ թիրախ դարձուցին Մոամմէր Կատտաֆիի կեդրոնատեղին եղող համալիրը, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումէն ի վեր բազմաթիւ անգամներ ռմբակոծուած էր:
Միւս կողմէ, Յորդանան երէկ յայտարարեց, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդը կը ճանչնայ իբրեւ լիպիացի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչը եւ կը պատրաստուի մօտ օրէն Պենկազիի մէջ մնայուն պատուիրակ մը նշանակելու: Շարք մը այլ երկիրներ, ներառեալ` Ֆրանսա, Իտալիա եւ Քաթար ճանչցած են խորհուրդը, իսկ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնն ու այլ երկիրներ Պենկազիի մէջ դիւանագիտական գրասենեակներ բացած են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մերձաւորարեւելեան հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման Պենկազիի մէջ նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը մօտ օրէն քուէարկութիւն պիտի կատարէ արտօնելու համար, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիպիական վարչակարգին սառեցուած գումարները Լիպիոյ մէջ օգտագործուին միայն մարդասիրական օժանդակութեան համար:

Ֆելթման յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի լուծման համար 53.5 միլիոն տոլար տրամադրած են` շեշտելով, որ այդ գումարը ուղղուած է «ոչ մահաբեր» օժանդակութեան: Լիպիացի ըմբոստներուն ղեկավարները ողջունեցին դիւանագիտական կապը, սակայն նշեցին, որ միայն աւելի լաւ զէնքերու ձեռքբերումը պիտի օգնէ, որ իրենք պարտութեան մատնեն Կատտաֆին: Անոնք նաեւ յայտարարեցին, որ մօտ օրէն Փարիզի մէջ գրասենեակ պիտի բանան:







All the contents on this site are copyrighted ©.