Հունգարիան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ի Պատիւ Համերգ Մը Պիտի Տայ Հունգարացի Յօրինող
Եւ Դաշնակահար ֆրանց Լիցի Ծննդեան 200-ամեակին Առթիւ։
Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը անցեալ 5 մայիսին համերգ մը տուած էր Սրբազան Քահանայապետի
գահակալութեան 6-րդ տարեդարձին առթիւ, իսկ յառաջիկայ 27 մայիսին Հունգարիոյ նախագահը
նախաձեռնած է համերգ մը տալ ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Եւրոպայի միութեան
մէջ Հունգարիոյ նախագահութեան առթիւ ( յունուարէն մինչեւ յունիս) ինչպէս նաեւ հունգարացի
դաշնակահար՝ ֆրանց լիցի ծննդեան 200ամեակին առթիւ (1811-1886)։