2011-05-25 13:44:25

Հայաստան։ 76 Թեր Եւ 12 Դէմ Քուէներով Կ՝ընդունուի Ընտրական Օրէնսգրքի Բարեփոխումներու Ծրարը։


 Երէկ Հայաստանի խորհրդարանը աւարտեց Ընտրական Օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ծրարի եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու քննարկումը երկրորդ ընթերցումով: Պետա-իրաւական մնայուն յանձնախումբի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ ծրարին մէջ նկատի առնուած են նաեւ ընդդիմութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան խմբակցութեան որոշ առաջարկները:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ համաձայնական կառավարութիւնը ընդդիմութեան 4 առաջարկներէն միայն մէկը ընդունած է: Բայց, ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, ատիկա ալ յառաջընթաց է եւ յաջողութիւն: Քուէարկութեան ժամանակ Դաշնակցութիւնը դէմ քուէարկեց Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ծրարին, բայց ծրարը ընդունուեցաւ 76 թեր, 12 դէմ եւ առանց ձեռնպահի քուէարկութեամբ:
Նշենք, որ Ընտրական Օրէնսգիրքի վերջին` երրորդ ընթերցումը պէտք է կազմակերպուի 24 ժամուան միջոցին, քանի որ կառավարութիւնը եւ Ազգային Ժողովը այս քննարկման համար սահմանեցին յատուկ ընթացակարգ:

Երէկ խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով քննարկեց նաեւ «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, որոնք կ՛ենթադրեն բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու համար Բարոյագիտութեան Յանձնախումբի ստեղծում:







All the contents on this site are copyrighted ©.