2011-05-25 13:27:23

2012-ին' Միլանոյի Մէջ Կը Նշուի Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Օրը։


՜՜Ընտանիքը, աշխատանքը եւ տօներ՝՝ այս է տիտղոսը ընտանիքի համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակուած նախապատրաստական վաւերաթուղթին որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ 24 մայիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Իր զրոյցին մէջ, Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Էննիօ Անթոնէլլի, ներկայացուց Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի աշխատանքը, յայտարարելով նոր կայքէջի մը ստեղծումը www.familia.va (կամ ֆրանսերէնով www.famille.va կամ ալ անգլերէնով family.va ինչպէս նաեւ սպաներենով)։
Կարտինալ Անթոնելլի ապա նշեց Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի 30րդ տարեդարձը որ կը նշուի այս տարի։ 13 մայիս 1981ին՝ նոյն օրը ՅՊԲ.ի մահափորձին, Սուրբ Աթոռը կը հռչակէր ստեղծումը ընտանիքի նուիրուած երկու կարեւոր հաստատութիւններու. ՜՜Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը եւ ամուսնութեան եւ ընտանիքի ուսմանց ՅՊԲ.ի անուամբ հաստատութիւնը՝՝ ։ Խորհուրդը, ըսաւ Կարտինալը, իր 30-ամեակը պիտի տօնախմբէ յառաջիկայ 22 նոյեմբերին, 1981ին Familiaris Consortio ընտանիքի նուիրուած քահանայապետական հովուական թուղթին հրատարակումին օրը։ Քահանայապետական Ընտանիքի Խորհուրդին պարտականութիւնն է, պահպանել ու պաշտպանել ընտանիքի արժէքները, ըլլայ եկեղեցական հասարակութեան ներքեւ ըլլայ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ։ Խորհուրդը կազմուած է 25 Կարտինալներէ եւ եպիսկոպոսներէ որոնք Նախագահական Գրասենեակի մաս կը կազմեն, որոնք իրենց կարգին կազմուած են 20 պսակուած զոյգերէ ու 40 մասնագէտներէ։ Խորհուրդը իր ընդհանուր ժողովը կը գումարէ երկու տարին անգամ մը։
Ապա Կարտինալ Անթոնելլին անդրադարձաւ յառաջիկայ 2012-ի մայիս 30-էն մինչեւ յունիս 3-ը՝ Միլանոյի մէջ նախատեսուած Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային օրուայ , ու այդ առիթով կազմակերպուած յայտագիրին, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեան սոյն համաշխարհային օրուան։ Այս ուղղութեամբ է որ - յայտարարեց Կարտինալ Անթոնելլին - Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդը եւ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսութիւնը հրատարակեցին վաւերաթուղթը` որուն առաջին օրինակը յանձնուեցաւ Սրբազան Հօր 13 մայիսի ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։ ՜՜Ընտանիքը, աշխատանքը եւ տօներ՝՝ վաւերաթուղթը կը պարփակէ 10 վարդապետութիւններ, հրատարակուած է եօթը լեզուներով, եւ պիտի ծառայէ պատրաստուելու Ընտանիքի Եօթներորդ համաշխարհային օրուայ կարեւոր հանդիպումին։ Հանդիպում մը՝ որ պէտք չէ մնայ կղզիացած - յանձնարարած էր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը - այլ պէտք է նախապատրաստական ընթացք մը ունենայ, ըլլայ եկեղեցական ըլլայ մշակութային գետնի վրայ։












All the contents on this site are copyrighted ©.