2011-05-24 13:14:23

Շէշանի Սրբավայրը Չինաստանի Մայր եկեղեցի։


Շէշանի սրբատեղին հիմնուած է 1863ին Շանկհայէն 50 քմ. հեռաւորութեան վայրի մը մէջ։ Ան քրիտոնէական պաշտամունքի ամենամեծ քրիտոնեայ շինարարութիւնն է։ Լատինական Խաչի ձեւով Պազիլիքա մը որ կրնայ հիւրընկալել մինչեւ 3000 նստած ուխտաւոր։
Թայբինկի յեղափոխութեան ընթացքին Յիսուսեան միաբանութեան առաքեալներ հոն գնած էին հողամաս մը ուր ժամանակին կար Պուտտայական Տաճար որուն աւերակներու վրայ կարուցեցին եկեղեցի։ 1870 Թիանժինկի մէջ տեղի ունեցած բախումներու պատճառաւ տեղւոյն եկեղեցիները հրկիզուեցան։ Յիսուսեանները աղօթելով Տիրամօր խնդրեցին անոր բարեխօսութիւնը ու պաշպանութիւնը ուխտ կատարելով որ իրեն ի պատիւ եկեղեցի մը շինեն։ Շինարարութիւնները սկիզբ առին 1870-ի՝ Յունիսին, ։
Դէպի սրբավայրը առաջնորդող ճամբուն վրայ զետեղուած են Ճանապարհ Խաչի 14 կայանները։
Եկեղեցական կառոյցը անբաւարար նկատուելով՝ 1925ին կը վերսկսի անոր արմատական վերակառուցումը, որ վերջ կը գտնէ 1935ին։
1942-ին՝ Պիոս ԺԳ քահանայապետը, Շէշանի սրբատեղի պազիլիքան հռչակած է որպէս փոքր պազիլիքա։ Իսկ 1874-ին Պիոս Թ. քահանայապետը մեղքերու լիակատար ներողութիւն շնորհեց բոլոր այն ուխտաւորներուն որոնք մայիս ամսուայ ընթացքին՝ ( որ նուիրուած է Տիրամօր) հաւատքով ու զղջումի զգացումներով կ՛այցելէին Շէշանի Սրբավայրը։Սովորութիւն մը որ մինչեւ օրս տակաւին գոյութիւն ունի։









All the contents on this site are copyrighted ©.