2011-05-24 12:57:10

Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ Դէմ Նախագահ Ասատը Ներառող Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Որդեգրեց։


Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց գումարած ժողովին ընթացքին Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրեցին` սուրիական իշխանութիւնները ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժի կիրարկումէն հրաժարիլ տալու համար:
Նոր պատժամիջոցները կը ներառեն նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Նախորդ պատժամիջոցները ներառած էին վարչակարգին առնչուած 13 անձնաւորութիւններ, սակայն ոչ` նախագահ Ասատը,իսկ այժմ նոյնինքն նախագահը եւ վարչակարգի այլ ինը անդամները:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ պատժամիջոցներու ենթարկուող անձնաւորութեանց ցանկին մէջ Ասատի ներառումը ճիշդ քայլ մըն է: Եւրոպական Միութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած նախկին պատժամիջոցներէն Ասատի բացառումը աստիճանական ընթացք կիրարկելու համար դիտաւորեալ քայլ մըն էր:
Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները յար եւ նման են անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած յաւելեալ պատժամիջոցներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.