2011-05-24 12:53:11

2011-ը Հայ Մանուկի Տարի ՝Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։


«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» Նախաձեռնիւթիւններուն Ծիրին Մէջ Մանկապատանեկան Երգերով Ելոյթ Ունեցաւ Մանկական Երգերու Մեկնաբան՝ՄԱԿԻ։

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, «Հայ մանուկի տարուան» առիթով երէկ` ուրբաթ, 20 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան՝ Մակի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ բաւական ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ Մակի մեկնաբանեց մանկական երգերու շարք մը, ինչպէս` «Շոգեկառք», «Փիսիկը», «Մկնիկներ», «Մառան մտայ», «Մատիկներ», «Տաթեւիկ», «Մոկլի», «Մամայիս», «Ծովափ», եւ այլն: Մակիին կ՛ընկերանային նապաստակը, կովուկը, պուպրիկը, խամաճիկը, նաեւ մանկական պարախումբ մը:
Յայտնենք, որ Մակի ելոյթ ունեցաւ նաեւ շաբաթ 21 եւ կիրակի 22 մայիսին` միշտ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.