2011-05-23 12:49:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 23 մայիս 2011-ի առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց։
Եուկուսլավիոյ երբեմնի հանրապետութեան նախագահը Տիար Ճիորկէ Իվանով` անոր կողակիցը ու իրեն ընկերացող շքախումբը. ապա Նորին Սրբութիւն ընդունեց Պուլկարիոյ Խորհրդարանի Նախագահը՝ Տիկին Ցէցքայ Ցաչէվա։
Ժամը 12ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն երկու եպիսկոպոսներու, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ պաշտօնական այցելութեան առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետը Եուկուսլավիոյ եւ Պուլկարիոյ ներկայացուցիչներուն ուղղած խօսքին մէջ, անդրադառնալով Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս երկու եղբայր սուրբերուն որոնք սլավ երկիրներու առաքեալները եղած են, դարձեալ հաստատած է Եւրոպայի քրիստոնէական արմատները եւ քրիստոնէութեան օժանդակութիւն ի սպաս եւրոպայի մաշակոյթի ու պատմութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.