2011-05-23 12:55:46

Արմենօֆաս Մարդասիրական Կազմակերպութեան Տարեկան Ժողովը։


Ուրբաթ 20 Մայիսին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին , տեղի ունեցաւ Արմենօֆասի տարեկան հանդիպումը:
Արմենօֆասը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հաստատուած մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է օժանդակել ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Յունաստանի Ազգ. Առաջնորդարանին ենթակայ Ազգ. Ծերանոցին առնչուած ու մարդասիրական եւ ընկերային բնոյթ ունեցող ծրագիրներուն:
Արմենօֆասի յանձնախումբին Ատենապետուհին է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Տիկին Թենի Փիրի Սիմոնեան եւ Փոխ–Ատենապետը Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն կողմէ Մեթր Ֆրանսուա Փայօ: Յանձնախումբը յաջորդաբար իր հանդիպումները կ’ունենայ Անթիլիասի, Աթէնքի ու Ժընեւի մէջ:
Բացումը կատարելով հանդիպումին, Արամ Ա. շեշտեց կարեւորութիւնը Արմենօֆասին, ըսելով՝ ՙԱրմենօֆասը միայն հիմնադրամ մը չէ բառին նեղ հասկացողութեամբ, մեր հաւաքական յիշողութիւնը մեր կեանքին մէջ թարմ պահող կենդանի յուշարար մըն է ան: Արմենօֆասը կը յիշեցնէ մեզի Զուիցերիոյ ժողովուրդին աջակցութիւնն ու բարեկամութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յատկապէս ցեղասպանութենէն յետոյ: Հետեւաբար, այսօր Արմենօֆասը կամուրջ մըն է երկու ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու բարեկամութեան ու գործակցութեան՚:
Ապա ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Տիկին Թենի Սիմոնեան ներկայացուց Արմենօֆասի անցնող տարուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Յատուկ կարեւորութեամբ քննուեցաւ Արմենօֆասի պարզած տնտեսական ներկայ կացութիւնը՝ միջազգային տնտեսական տագնապի ստեղծած դժուարութիուններու լոյսին տակ: Քննուեցաւ նաեւ Արմենօֆասի յառաջիկայի ծրագիրները: Այս ծիրէն ներս յարմար նկատուեցաւ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տնտեսական յանձնախումբը յառաջիկային իր տեսակէտը յայտնէ Արմենօֆասի դրամագլուխի լաւագոյնս օգտագործման գծով:
Յանձնախումբը նաեւ լսեց Աթէնքի Ազգ. Ծերանոցի նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Յայտնենք, որ անցեալ տարի Արմենօֆասը երեսուն հազար զուիցերիական ֆրանք յատկացուցած էր Ծերանոցին: Որոշեց 2011 տարուան համար նոյն գումարը դարձեալ յատկացնել երկու հանգրուաններով:










All the contents on this site are copyrighted ©.