2011-05-23 13:00:34

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Կրնան Որեւէ Վայր Դարցեալ Հարուածել Ահաբեկչութիւնը։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եւրոպայ այսօր 23 Մայիսին սկիզբ առած իր շրջապտոյտին նախօրեակին «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուզամա Պըն Լատենի դէմ գործողութեան նման այլ գործողութիւն մը պիտի հրահանգէ , եթէ Փաքիստանի մէջ կամ այլուր ահաբեկչական այլ ղեկավարի մը թաքստոցը բացայայտուի:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ յարգանքով կը վարուին փաքիստանեան գերիշխանութեան հետ, սակայն իրենց քաղաքացիները եւ դաշնակիցները սպաննելու ծրագիրներու մշակումն ու գործադրումը պիտի չարտօնեն: «Չենք կրնար արտօնել, որ նման ծրագիրներ գործադրուին, առանց որեւէ քայլի դիմելու», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու Նախագահը այսօր Իրլանտա կը գտնուի առաջին հանգրուանը իր Եւրոպայ շրջապտոյտին,Օպամա Ամերիկայի վեցերորդ նախագահն է որ կ՝այցելէ Իրլանտան, իսկ վաղը պիտի երթայ Լոնտոն ուր պիտի տեսակցի վարչապետ Տէյվիտ Գամերոնի եւ Լապուրիսթ Կուսակցութեան քարտուղար Էտ Միլիպանտ-ի հետ,ապա պիտի փոխադրուի ֆրանսայի Տովիլ քաղաքը մասնակցելու՝առաւել ճարտարար-արուեստականացած 8 Երկիրներու Գերաստիճանին, որմէ յետոյ պիտի երթայ Վարաշավա՝ մայրաքաղաք Լեհաստանի։







All the contents on this site are copyrighted ©.