2011-05-22 09:18:38

Հայազգի Բարեկամ Նշանաւոր Դէմքեր։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն։


Նախագահ Ուիլսընի հանդիպումը՝ Աւետիս Ահարոնեանի
եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ Փարիզի Մէջ։

92 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի կ՝ունենար ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութեանց նախագահներ՝ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի միջեւ։

Առաջին Աշխարհամարտը նոր աւարտած էր եւ Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսած էր Խաղաղութեան Խորհրդաժողովը, որ ամիսներու վրայ երկարեցաւ, որովհետեւ իր օրակարգին վրայ ունէր աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորելու մեծ խնդիրը։

Յաղթական Դաշնակիցները ուղղակի ՝՝պատերազմական աւարը՝՝ իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մրցապայքարի մը մէջ էին։ Յատկապէս Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ստանձնած էին Աշխարհամարտի յաղթանակին պտուղներէն առաւելագոյնս օգտուելու եւ իրենց մեծ ու փոքր դաշնակիցներուն ալ այդ աւարէն փշրանքներ բաժին հանելու դերակատարութիւնը։ Ռուսաստանը վերջ տուած էր իր Ցարական Կայսրութեան եւ ինկած էր մեծ յեղափոխութեան մը ներքին գալարումներուն մէջ, մեկուսանալով նոր աշխարահակարգի ձեւաւորման մեծապետական մրցապայքարէն։
Կայսերական Գերմանիան ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ ակամայ ձեռնածալ նստած կը դիտէր ու կը սպասէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտի համաշխարհային տարողութեամբ յառաջ ընթացող գաղթատիրութեան մրցապայքարը...

Բայց Փարիզի Խորհրդաժողովին կարեւորագոյն օրակարգերէն մէկը, եթէ ոչ առաջնայինը, բնականաբար, փլուզուած Օսմանեան Կայսրութեան աւերակներուն վրայ Արեւելքի նոր քարտէսին ձեւաւորումն էր։ Եւրոպայի ՝՝Հիւանդ Մարդը՝՝ ոչ եւս էր եւ Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա, հիւսիսային Ափրիկէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Փոքր Ասիայէն մինչեւ Կասպից Ծով, պէտք է վերադասաւորման ենթարկէին... հին աշխարհը։ Դաշնակից ախոյեաններուն լխաւոր շահարռութիւնը, անկասկած, Սեւ Ոսկիի պաշարներուն վրայ սեփական տիրապետութիւնը հաստատելն էր՝ միաժամանակ բաւարարութիւն տալով դաշնակից, այլեւ ազդեցիկ ուժերու ախորժակներուն, ինչպիսին էր մանաւանդ Հրէական Օճախի մը ստեղծման պահանջով Սիոնականութեան եւ Մասոնականութեան աշխուժացումը։

Բայց ով աւելի իրաւացիօրէն, եթէ ոչ հայ ժողովուրդը ինք ամէն հիմք ունէր ինքնավստահութեամբ իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալու յաղթական Դաշնակիցներուն։ Փաստօրէն թէ՛ Ռուս-Թրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին, թէ՛ Միջին Արեւելքի ռազմաճակատներուն վրայ, Հայ Կամաւորական Գունդերով եւ Արեւելեան Լեգէոնի Հայկական ստորաբաժինով՝ մեր ժողովուրդը քաջաբար կռուած էր Դաշնակիցներու կողքին եւ եկած էր ժամը քաղելու ՝՝Փոքր Դաշնակից՝՝ի իր մեծ զոհաբերութեան արդարացի պտուղները։

Պատմաքաղաքական զարացումներու այս խճանկարին մէջ կը տեղաւորուի 14 Ապրիլ 1919ին կայացած Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միացեալ ու բախտորոշ հանդիպումը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հետ։ Ահարոնեան կը գլխաւորէր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, իսկ Պօղոս-Նուպար՝ Արեւմտահայոց Համագումարին կողմէ կեանքի կոչուած Ազգային Պատուիրակութիւնը։


Զոյգ պատուիրակութեանց առաջադրած լուծումներուն նկատմամբ յաղթական մեծ Դաշնակիցներէն իւրաքանչիւրը անշուշտ ունէր իր ուրոյն դիրքորոշումը։ Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ուղղութեամբ դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեցին հայոց զոյգ պատուիրակութիւնները, որպէսզի մեծապետական սակարկութեանց խոհանոցին զոհ չերթայ Հայկական Իրաւունքին վերականգնումը։ Իսկ Մ. Նահանգներու նախագահին հետ հանդիպումը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ Խորհրդաժողովը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած էր արդէն իրաւարարի դերը վստահելու՝ Վուտրօ Ուիլսընին։

Պատմական փաստաթուղթերը, պետական արխիւները եւ մասնակիցներու յուշերը կը հաստատեն, որ նախաահ Վուտրօ Ուիլսըն ամբողջական համակրանքով ու համաձայնութեամբ ընդառաջեց թէ՛ Ահարոնեանի, թէ՛ ՊօղոսՆուպար Փաշայի առաջարկած Հայկական Հարցի լուծման տարազներուն։ Խոստացաւ այդ հիման վրայ կատարել իր իրաւարարութիւնը, որուն պսակումը եղան թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ Հայկական Օճախի ստեղծման գաղափարին որդեգրումը, թէ՛ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած պետական սահմաններու միջազգային միակ փաստաթուղթին մշակումը, որ յայտնի դարձաւ ՝՝Ուիլսընեան Սահմաններ՝՝ անունով։

Անշուշտ հոս տեղը չէ քննելու թէ ինչո՛ւ Հայկական Հարցը իրողապէս չգտաւ իր քաղաքական արդար լուծումը,բայց թէ Վուտրօ Ուիլսըն պիտի մնայ միշտ՝ բարեկամը Հայ Ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.