2011-05-21 11:57:52

Միջազգային Էկումենիկ Խաղաղասիրական Համաժողով Ճամայքայի Մէջ։


Մայիսի 18-ին Ճամայիքայի Կինկսթոն քաղաքի մէջ սկիզբ առաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած Միջազգային Էկումենիկ խաղաղասիրական համաժողովը "Աստուծոյ փառքը եւ խաղաղութիւնն երկրի վրայ" խորագրով։
Համաժողովի ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը "խաղաղութիւնը համայնքերու միջեւ, երկրի վրայ, շուկայական յարաբերութիւններու եւ մարդկանց միջեւ։
Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ հազար աստուածաբաններ ու եկեղեցական պատասխանատուներ, եկած աւելի քան հարիւր երկիրներէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուցին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Վիգեն Արքեպիսկոպոս Այքազեան, Իրաքի Քրիստոնէական էկումենիկ խորհուրրդի նախագահը՝ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան եւ ԵՀԽ.ի Հայաստանեան Կլոր Սեղանի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը՝ դոկտոր Կարէն Նազարեան։
Համաժողովին որ վերջ կը գտնէ յառաջիկայ 25 մայիսին մասնակցած է նաեւ Ճամայքայի Վարչապետը՝ Պրուս Կոլտինկ որ ընդգծած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան կարեւոր դերը ընկերային բարոյական զարգացման ի խնդիր մանաւանդ այն շրջաններու մէջ ուր կ՛իշխէ բռնութիւնը։
Համաժողովի Եզրափակիչ նիւթը պիտի ըլլայ "Յաղթահարել Բռնութիւնները" եւ այս ուղղութեամբ ժողովականները պիտի քննարկեն "արդար խաղաղութիւն" իրագործելու գաղափարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.