2011-05-21 12:00:31

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին համար Օպամա Կ՛ առաջադրէ Ճոն Հեֆերնի Թեկնածութիւնը։


Սպիտակ տունը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած է Ճոն Հեֆերնի թեկնածութիւնը:
Աւելի կանուխ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած էր, որ այժմու դեսպան Մարի Եովանովիչ կ՛աւարտէ եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ կը վերադառնայ Ուաշինկթըն` ստանձնելու համար արտաքին գործոց նախարարի Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխտեղակալի պաշտօնը:
Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին Ճոն Հեֆերն հիմնականին մէջ աշխատած է Արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ` Ինտոնեզիա, Ճափոն, Մալեզիա եւ Չինաստան: Աւելի կանուխ զբաղած է քաղաքականութեամբ եւ մասնաւորաբար եղած է ծերակոյտի փորձառու ներկայացուցիչներէն մէկուն` Ճոն Տանֆորսի գրասենեակի տնօրէնը: Ծնած է Միսուրի նահանգին մէջ, աւարտած է Միշիկընի պետական համալսարանը եւ հինգ երեխաներու հայր է:
Հեֆերնի թեկնածութեան անմիջապէս արձագանգած է Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք ծերակոյտին մէջ դեսպանին հաստատման շուրջ քննարկումներուն», յայտարարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ ընդգծեց հետեւեալը. «Այդ քննարկումները ցոյց պիտի տան, որ արդեօք Հեֆերն պատրա՞ստ է միացնելու իր սկզբունքային ձայնը Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ջատագովներուն, ինչպէս նաեւ նպաստելու հայ-ամերիկեան երկկողմանի շահաւէտ յարաբերութիւններու ամրապնդման»:








All the contents on this site are copyrighted ©.