2011-05-20 12:42:19

Պէյրութի Նարեկացի Կեդրոնի Ներկայացուցիչները Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի Հետ Կ'այցելեն Հայկազեան Համալսարան։


Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան եւ հայրենի մանկավարժ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 16 մայիսին այցելեցին Հայկազեան համալսարան եւ հանդիպում ունեցան Սոյն համալսարանի նախագահ՝ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանին հետ. այս առթիւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ հայկական կրթական մարզը յուզող խնդիրներու եւ այժմէական հարցերու վրայ։ Նարեկացի կեդրոնի պատասխանատուները պարզեցին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ կեդրոնին իրականացուցած մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի աշխատանքներուն ընթացքը, բովանդակութիւնն ու նպատակները։
Ի դէպ, այս ծրագիրը հովանաւորուած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ, գործակցութեամբ Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի, եւ զայն կը վարէ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Կիւլամիրեան։
Հանդիպումին՝ Դոկտ. Հայտոսթեան եւ Փրոֆ. Կիւլամիրեան անդրադարձան Լիբանան-Հայաստան կրթական հասարակաց խնդիրներուն եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն: Անոնք կարեւորեցին առողջ հիմքերու առկայութեան անհրաժեշտութիւնը` ակադեմական գործակցութեանց զարգացման համար, ի խնդիր ընդհանուր յառաջդիմութեան:
Փրոֆ. Կիւլամիրեան հինգշաբթի 26 մայիսին, Հայկազեան համալսարանին մէջ պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը` հումանիստական մանկավարժութեան սկզբունքներուն եւ խորհրդային կարգերու լուծարումէն ետք Հայաստանի մէջ անոնց կիրարման փորձին վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.