2011-05-20 13:18:38

Հայաստան-Իսրայէլ։ Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարանի կրթութեան յանձնախումբին փոխանցելու ՄԵՐԵՑ կուսակցութեան (երեսփոխան Զահաւա Քալ-Օն) առաջարկը:


Նիստին մասնակից 20 երեսփոխանները, ներառեալ` կառավարութեան ներկայացուցիչները, միաձայնութեամբ որոշած են հարցը փոխանցել կրթութեան յանձնախումբին: ՀՅԴ Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւան յայտնեց, որ խորհրդարանի այս որոշումը դրական տեղաշարժ է: Յանձնախումբին կողմէ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ բաց նիստի ընթացքին, որուն ներկայ ըլլալու պիտի հրաւիրուին նաեւ հայեր:
Ծանօթ է, որ անցեալին խորհրդարանը որոշած էր քննարկել հարցը եւ քննարկումը յանձնած էր պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Այս յանձնախումբը իր նիստերը կը գումարէ դռնփակ, եւ մտահոգութիւնը այն էր, որ այդ պայմաններուն մէջ քննարկուելով, խորհրդարանին կողմէ ճանաչման հարցին վերաբերեալ բացասական կարծիք կրնայ յայտնել յանձնախումբը:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած առջի օրուայ քննարկումին մասնակցած են տարբեր կուսակցութիւններու երեսփոխաններ: Արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտը փոխանցեր է կրօնից նախարարը` Եաակով Մարքի` յայտնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտով` հարցը պէտք է պահել պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ եւ Իսրայէլ պէտք է աջակցի Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան: Միաժամանակ, նախարարը յայտներ է իր անձնական տեսակէտը, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր եւ ժամանակն է այս հարցին մասին յստակ որոշում տալու եւ այդ նպատակով ալ հարցը պէտք է փոխանցել կրթութեան յանձնախումբին:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ վարչապետին կուսակցութեան` Լիքուտի խմբակցութեան ղեկավար Զէեւ Էլկին, որ կողմ արտայայտուած է հարցը կրթութեան յանձնախումբին փոխանցելու առաջարկին:
Բոլոր խօսողները, ներառեալ` խորհրդարանի նախագահ Ռէօվըն Ռիվլինը, կողմ արտայայտուած են առաջարկին: Անոնք շեշտած են, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ Իսրայէլ պատմական իրականութիւնը չճանչնայ: Յատկանշական եղած է խորհրդարանի նախագահին ելոյթը:
Խորհրդարանի նիստին ներկայ եղած են Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Սեւան, Ժորժեթ Աւագեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան, Երուսաղէմի պատրիարքարանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ այժմ աւելի լաւատեսութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները այս ուղղութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.