2011-05-20 12:39:34

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի երաժշտագէտ Արտեմի Այվազեան
Հայ մեծ երաժշտահան, խմբավար եւ թաւջութակահար Արտեմի Այվազեան ծնած է Պագու 1902-ի Յունիս 26-ին։ Ան եղած է ՀԽՍՀ.ի ժողովրդական արթիսթ։ Ան իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի՝ Պագուի ուսումնարանին մէջ ապա շարունակած Թիֆլիսի երաժշտանոցին մէջ զոր աւարտած է 1922-ին։ Յաջորդ սդտարին անցած է երեւան ու որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Երեւանի գոնսէրվաթուարի մէջ։
1927- 1930 աշխատած է երաժշտական սթիւտիոյի մէջ որպէս տնօրէն։ 1930-ին մեկնած է Մոսկուա ու շարունակած ուսումը Մոսկուայի երաժշտական հաստատութեան մէջ որպէս թաւջութակահար, ապա Բարձրագոյն վարպետութեան դպրոց յաճախած զոր աւարտած է 1935-ին։
Վերադառնալով Հայաստան նուիրուած է ստեղծագործական աշխատանքի։ Իր առաջին ծաւալուն երկը ՜՜Թափանիկոս՝՝ օեէրէթն էր (1937-ին) գրուած ըստ Յակոբ Պարոնեանի ՜՜Ատամնաբոյժն Արեւելեան՝՝ կատակերգութեան։
Հայազգի մեծ երահժտագէտը Արտեմի Այվազեան վախճանած է Երեւանի մէջ 1975-ի Նոյեմբեր 14-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.