2011-05-19 12:53:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Միսիոնարական Քահանայապետական Մարմիններուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսքը ուղղելով միսիոնարական քահանայապետական մարմիններուն, յիշեցուց անոնց թէ նոյնիսկ հալածանքի ժամանակ, եկեղեցին կանչուած է տալու իր հաւատքի վկայութիւնը ։
Քրիստոնեաները պէտք չէ որ վախնան նոյնիսկ երբ հալածուին իրենց հաւատքին համար։ Ընդհակառակն, յարեց Սրբազան Հայրը, պէտք է որ իրենք զիրենք տան աւետարանութեան դատին, ասիկա յանձնառում մըն է որ կ'ենաթադրէ սէրը՝ հանդէպ Յիսուսի, եւ այդ սէրն ու վկայութիւնը կարող են տանիլ նահատակութեան։
Սրբազան Քահանայապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհականացումի ժխտական երեւոյթներուն ի տես։ Բարգաւաճ ու հարուստ երկիրներու մէջ կը նշմարենք մարդիկ որոնք իրենց ապագայով կը մտահոգուին, իսկ թերաճ երկիրներու մէջ բարրօրութեան հետ միասին կ'աճի թիւը աղքատներուն, գաղթականներուն եւ հարստահարեալներուն։
Հակառակ այս կացութեան, հաւատացեալները կանչուած են վերանորոգ խանդավառութեամբ շարունակելու աւետարանութեան առաքելութիւնը, բարի կամք ունեցող մարդոց քարոզելու Աստուծոյ Արքայութեան ուրախ լուրը, Արքայութիւնը՝ արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան ու սիրոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.