2011-05-19 12:53:54

Շնուտա Գ.՝ Ղպտիներուն Կոչ Կ՝ուղղէ Որ Անմիջապէս Վերջ Տան Իրենց Նստացոյցին։


Ղպտիներու Շնուտա Գ. պապը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց եգիպտական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն առջեւ նստացոյց կատարող եւ Մասփիրոյի ցուցարարներ անունով ծանօթ ղպտիներուն, որուն մէջ կոչ ուղղեց անմիջապէս վերջ տալու նստացոյցին, եւ զանոնք զգուշացուց իշխանութեան համբերութեան սպառումէն, վստահեցնելով, որ միակ տուժողը իրենք պիտի ըլլան, եթէ շարունակեն իրենց նստացոյցը նոյնիսկ մէկ աւելի:
Նշենք, որ ղպտիները 18-րդ օրն ըլլալով՝ կը շարունակեն Իմպապայի դէպքերուն դէմ իրենց բողոքի նստացոյցը: Անծանօթներ շաբաթ օր երեք առանցքներէ կրակ բանալով եւ քոքթել մոլոթով նետելով յարձակում գործած էին նստացոյց կատարողներուն վրայ, պատճառելով 67 վիրաւորներ: Ապահովական ուժերը, միջամտելով կասեցուցած էին երկու կողմերուն միջեւ բախումը եւ ձերբակալութիւններ կատարած: Ըստ ականատեսներու, ղպտիները յարձակում գործողներէն շատերը գերի բռնած են: Անոնց փաստաթուղթերուն ստուգումէն ի յայտ եկած է, թէ անոնք անդամներ են նախապէս Եգիպտոսի իշխող Ազգային կուսակցութեան Շարքիա նահանգի մասնաճիւղին: Անոնք փոխանցուած են ոստիկանութեան:
Շնուտա Գ. պապը իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ նստացոյցը «շրջանցեց ազատ կարծիքի արտայայտումը, եւ կռիւի ու հրացանաձգութեան ձեւ ստացաւ, իսկ այդ բոլորը կը վնասէ Եգիպտոսի վարկին եւ ինքնին՝ ղպտիներուն, ուստի անհրաժեշտ է անմիջապէս վերջ տալ այս նստացոյցին- ըսաւ ան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.