2011-05-19 12:55:00

Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քիովերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝Հայաստանի Մէջ:


Ընդունելով Հունգարական Պատուիրակութիւնը Նախագահ Սարգսեան ըսաւ որ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, եւ Հայաստան շահագրգիռ է Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու: Ան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ աշխուժ յարաբերութեանց օժանդակելը` տարբեր մակարդակի այցելութիւններուն ժամանակ զանոնք եւս ընդգրկելով պատուիրակութիւններու կազմին մէջ:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ կողմէ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան եւ բարեացակամ վերաբերմունքին համար` ընդգծելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ հայ համայնքը կրնայ զգալի դերակատարութիւն ունենալ:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Եւրոպական Միութեան ներկայիս նախագահող Հունգարիոյ հետ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ եւս համագործակցութեան ընդլայնումը:
Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քիովեր իր երկրին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանի եւրոպական համարկման ջանքերուն` ներկայացնելով այդ մարզին մէջ Հունգարիոյ շուրջ քսան տարուան փորձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.