Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Տեսակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Երզի
Պուզեքի Հետ:
Այս տեսակցութեան առթիւ Հայաստանի Նախագահը ըսաւ որ ՝՝Հայաստանի յարաբերութիւնները
Եւրոպական Միութեան հետ վերջին տարիներուն կը զարգանան եւ համագործակցութեան մարզերը
կը ներառեն ոչ միայն արտաքին քաղաքականութիւնը կամ առեւտրական- տնտեսական յարաբերութիւնները,
այլ նաեւ Հայաստանի ներքին բարեփոխումները, որոնք ուղղուած են մարդոց բարեկեցութեան ապահովման՝՝: Ս.
Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստան պատրաստ է եւրոպական փորձի հիման վրայ եւ Եւրոպական
Միութեան աջակցութեամբ շարունակելու բարեփոխումներու ուղին: Իսկ Պուզեք յայտնեց որ
՝՝ Եւրոպայի մէջ կը հաւատան Հայաստանի բարեփոխումներու յաջողութեան, որ լաւ օրինակ կրնայ
դառնալ այդ ճամբան ընտրած այլ երկիրներու համար՝՝ :