Պէյրութի' Հայ Կաթողիկէ Դպրոցներու Մանկապարտէզի Ուսուցիչներու Սեմինար։
Մայիս 14 էն 15 , Լիբանանի Հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու մանկապարտէզի 25 ուսուցչուհիներ
մասնակցեցան մանկապարտէզի մէջ հայերէնի դասաւանդման մեթոտի իւրացման եւ մանկավարժական
կազմաւորումի սեմինարի մը, ղեկավարութեամբ ` Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական
պետական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի: Սեմինարը կազմակերպած
էր Սուրբ Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը` գործակցութեամբ
Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն:
Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի հիւրընկալութեամբ` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ “Պետողլեան” սրահին մէջ
կայացած սեմինարի առաջին օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան մանկապարտէզի հայերէնի ուսուցիչներուն
հետ աշխատեցաւ հայերէնի գրաճանաչութեան գործընթացի կազմակերպման մեթոտաբանութեան վրայ:
Այս առթիւ սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացուցին նախապէս պատրաստած իրենց
նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ լեզուի ուսուցման վերաբերեալ: Սեմինարի երկրորդ
օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան աշխատանքը կազմակերպեց հիմնական երկու նիւթերու առանցքին շուրջ.
առաջին` մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն պահանջմունքները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը`
կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ, երկրորդ` մարդու խառնուածքի դրսեւորումները մանկապարտէզի
տարիքի մանուկներուն քով եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններուն
մէջ: Նշենք որ փրոֆ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` Մայիսի 3-էն 13 այս ծրագրին
մասնակից չորս դպրոցներու մանկապարտէզներուն մէջ կատարեց դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ
ունեցաւ դպրոցներու տնօրէններուն եւ մանկապարտէզի պատասխանատուներուն հետ, ապա` ուսուցչուհիներուն
հետ ունեցաւ դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր`
դպրոցական օրուան աւարտին: Մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակը կը շարունակուի: Դասալսումներու
հանգրուանին աւարտին` յառաջիկայ շաբաթավերջին` 21-22 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ նախակրթարանի
տարրական դասարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումի
վերաբերեալ սեմինար մը, մինչ այդ` նաեւ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար: