2011-05-18 13:08:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 18 մայիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը խմբուած՝ իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜ Հին Կտակարանին մէջ աղօթքի նշանակութեան՝՝ նիւթին մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօր մեր մտածականը կը կեդրոնացնենք աղօթքը Ս. Գիրքին մէջ նիւթին վրայ, Խորհրդածելով Աբրահամ Նահապետի մասին, որ Աստուծմէ ընտրուեցաւ մարդկութիւնը հաւատքի առաջնորդելու համար։ Հաւատացեալներու հայրը բարեխօսը եղաւ Սոտոմի ու Գոմորի անմեղներու փկութեան համար։ Ան չխնդրեց մարդկային արդարութիւն, այլ հացեց Աստուածային արդարութիւն մը որ կը ներէ դարձի եկող մեղաւորին ու փրկէ զինք յաւիտենական կորուստէն։
Մեղքը որ է Աստուծոյ ու անոր սիրոյ մերժումը, արդէն պատիժի հաւասար է։ Աբրահամի աղօթքը մեզի կը սորվեցնէ մեր սրտերը բանալ Աստուծոյ ողորմութեան առջեւ եւ իրմէ խնդրել մարդկութեան փրկութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա հայրական յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յոյս կը յայտնեմ որ շատ մը ձայներու մէջէն դուք գիտնաք ճանչնալ Քրիստոսի ձայնը որ կը շարունակէ իր կոչը ուղղել բոլոր անոնց սրտերուն որոնք գիտեն ընդառաջել այս կոչումին։ Վեհանձնօրէն հետեւեցէք իրեն։
Դուք ալ սիրելի հիւանդներ վստահութեամբ բացէք ձեր սրտերը Տիրոջ. իսկ դուք Նորապսակեալներ սիրով ընդարաջեցէք Աստուծոյ սիրոյ կանչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.