2011-05-17 12:46:40

Վատիկանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Այս շաբթուայ խմբագրականը Հայր Լոմպարտին կը նուիրէ ՜՜Աղօթք, խորհուրդ եւ իղձ՝՝ նիւթերու մասին, ներշնչուելով Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին նոր խորհրդածութիւններու շարքէն որ կեդրոնացած է աղօթքի վրայ։
Բնական նիւթ մըն է ըստ երեւոյթին - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - սակայն այսօրուայ նիւթապաշտ եւ աշխարհականացած մեր ապրած աշխարհի մէջ ուր առօրեայ վազվզուկի պատճառաւ կ՛ անտեսուին խորհրդածութեան, հայեցողական եւ աղօթքի ու ամփոփումի ծաւալները այս նիւթը կը ստանայ մեծ կարեւորութիւն։
Դժբախտաբար քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ ալ, շատ անգամ կը խօսինք աղօթքի մասին ու անոր բանաձեւերու մասին, բայց շատ քիչ անգամ կը խորացնենք անոր իմաստը, Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ դնելով մենք զմեզ, մեր կեանքը ու մեր սիրտը ։
Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի աղօթքի մասին զանազան մշակոյթներէն եւ զանազան քաղաքակրթութիւններէն ներս։
Հասկնալ Աստուծոյ խորհուրդը եւ միեւնոյն ժամանակ մեր սրտի խորքը զգալ այն ծարաւը դէպի յաւիտենականութեան ձգտում, սիրոյ իղձը, լոյսի եւ ճշմարտութեան իղձը, որոնք մեզ կը մղեն դէպի յաւիտենականութիւն. մէկ խօսքով՝ ՜՜ Աստուծոյ ծարաւը՝՝։ ՜՜Խորհուրդ եւ իղձ՝՝ այս է մարդկութեան միատեղ աղօթքի վայրը ուր քրիստոնեայ աղօթքի թանկարժէք հունտը կրնայ իյնալ եւ աճիլ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.