2011-05-17 12:48:40

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երեքշաբթի 17 մայիսին Իտալիոյ Պիէլլա քաղաքի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան երրորդ հանգրուանը, ARCIC-ի՝ այսինքն Անկլիքան եւ Կաթողիկէ միջազգային էգիւմէնիք յանձնախումբի ժողովի գումարումով որ վերջ պիտի գտնէ մայիս 27ին։Երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու քայլը պաշտօնապէս սկիզբ առած էր 1966ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի եւ Գանդէրպուրրի Արքեպիսկոպոս Միքայէլ Ռամսէյի կողմէ, եւ ապա 1970-ին 18 անդամներէ բաղկացած (10 անկլիգան եւ 8 կաթողիկէ) յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, քննարկելու եւ յառաջ տանելու այս երկխօսութեան գործը։


Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սիւնոդոսի յետ սիւնոդոսական յատուկ խորհուրդը 17 եւ 18 մայիսին, Հռռմի մէջ կը գումարէ իր չորրորդ նիստը։
Նշենք թէ նիստին կը մասնակցի նաեւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.