2011-05-17 12:49:21

Յոյն Մելքիթ Եկեղեցւոյ Կողմէ Կը Բացուի ''Իսլամ-Քրիստոնեայ Երկխօսութեան'' Մշակութային Կեդրոն Մը։


Յոյն մելքիթները Լիբանանի մէջ վերոյիշեալ կեդրոնը բացած են ունենալով որպէս կէտնպատակ, կամուրջ մը հաստատել բաժանուած աշխարհի մը մէջ։ Անցեալ 10 մայիսին Յոյն կաթողիկէներու Լահհամ պատրիարքը, բացումը կատարելով՝ կեդրոնին, հաստատած է թէ յոյն մելքիթ եկեղեցին միշտ նկատուած է առանց սահմանի եկեղեցի մը, որ իր կարելին կ՝ընէ կամուրջներ հաստատելու՝ բաժնուած աշխարհի մը մէջ, մշակութային ու կրօնական կլոր սեղան հաստատելով համայն քաղաքացիութեան հետ։ ''Լիքահ'' այսինքն հանդիպում ՝ կոչուած կեդրոնը կը ներփակէ դպրոց մը, մատենադարան մը, իսլամ քրիստոնեայ հետազօտութեան կեդրոն, թատերասրահ, դասախօսութիւններու սրահ եւ պանդոկ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.