2011-05-17 13:48:27

Լիբանան։ Միջ-ուսանողական Զարգացման Մրցումին Մրցանակը Յանձունեցաւ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»ին ։


ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած միջ-ուսանողական զարգացման մրցումը շահած` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի թիւ 1 խումբի անդամները` Խաչիկ Հրաչ Տեմիրճեան, Կարէն Կոտալազեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան, «Արցախ ֆոնտ»ին յանձնեցին 2,5 միլիոն լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ իրենց մրցանակը:
Այս առիթով «Արցախ ֆոնտ»ի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն` ողջունելով անոնց նախաձեռնութիւնը:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս քայլը նախընթաց կ՛ըլլայ ապագային կատարուելիք նման նախաձեռնութիւններու:
Նշենք, որ միջ-ուսանողական զարգացման մրցումը տեղի ունեցած էր 2 ապրիլին: Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին լիբանանեան 8 համալսարաններ յաճախող 48 ուսանողներ, որոնք բաժնուած էին 16 խումբերու: Շահող խումբը իր մրցանակը պիտի նուիրէր իր իսկ ընտրած բարեսիրական հաստատութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.