2011-05-17 13:48:09

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ Հռչակուած «2011-ը՝ Հայ Մանուկի Տարի՝՝ Ձեռնարկներու Ծիրին մէջ «Հայ Մանուկին Իրաւունքը » Խորագիրով Երգիծախառն Թատերգութեան Ներկայացումը ։


Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագիրով երգիծախառն թատերախաղ մը ներկայացուեցաւ 16 մայիսին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
14-էն 16 մայիսին եռօրեայ բեմադրութեամբ ներկայացուած մանկապատանեկան այս թատերախաղը կու գայ ընդառաջելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակելու նախաձեռնութեան:
«Իր առօրեայ կեանքի պահանջներուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան կողքին, հայ մանուկը երբ մեծնայ, ի՛ր կարգին առաջ պիտի նետուի ու պաշտպանէ 1915-ի Եղեռնին զոհ հազարաւոր հայ մանուկներու իրաւունքները», յայտարարեց Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան` այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ:
«Ինչ որ լաւ է ու բարի է` հայ մանուկին իրաւունքն է: Այսօր, այս սրահին մէջ հայ մանուկը շատ պիտի խանդավառուի իր իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ, սակայն այս սրահէն դուրս` հայ ծնողներուն դերն ու պարտականութիւնն է իրենց զաւակներուն ցոյց տալ իրենց իրաւունքները» (շարունակեց հայր սուրբը) մաղթելով, որ լուսարձակի տակ բերուող նիւթին` հայ մանուկի իրաւունքներուն արծարծումը չսահմանափակուի 2011-ով, այլ` շարունակուի անոր ամբողջ կեանքին տեւողութեան: «Թող ասիկա խթան ըլլայ անոնց, որպէսզի ապագայի իրենց տեսլականով ու գործունէութեամբ պատիւ բերեն իրենց ազգին ու ծնողներուն», շեշտեց ան:
Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` «Հայ մանուկի տարուան» գեղեցիկ գաղափարի յղացումին համար, հայ մանուկներու իրաւունքներու հետապնդման ու պաշտպանութեան գծով: Նմանապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի գլխաւոր դերակատար` «Ծիածան» թատերախումբի բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին ու ձայնի սարքաւորումներու պատասխանատու Սեդօ Պաղտասարեանին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ու երկու արարով ներկայացուած «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագրեալ թատերախաղին ներկայացումը մեծապէս խանդավառեց հայկական վարժարաններէն ժամանած հարիւրաւոր աշակերտները, որոնք ծափերով ու ողջոյններով ձայնակցեցան թատերախաղի երգերուն: Յատկապէս ուշագրաւ էին թատերախաղի մասնակիցներէն Նայրան եւ Լոռին, որոնք եկած էին «արեւմտեան անտառ»ի թագաւորին մօտ պաշտպանելու հայ մանուկին (իմա` Մկնիկ Մկնիկեանին) իրաւունքները:
«Հայ մանուկի տարուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, մայիս ամիսը թատերական ու առհասարակ մշակութային ելոյթներու յատկացնելով, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը պիտի հովանաւորէ նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկը, որուն ընթացքին մանկական երգերու մեկնաբան Մակի պիտի խանդավառէ հայ մանուկները:
 







All the contents on this site are copyrighted ©.