2011-05-16 13:04:25

Ֆրանսահայ Լուսանկարիչ Սիվասլեանի Ցուցահանդէսը Հայաստանի Մէջ։


Նկարիչներու միութեան տան մէջ Մայիս 6ին բացումը կատարուեցաւ Մաքս Սիվասլեանի լուսանկարներու «Հոնտեղ ապրած ենք» խորագրեալ ցուցահանդէսը:
Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի բնորոշումով, Սիվասլեանի աշխատանքները բացառիկ լուսանկարչական գործեր են՝ նկարչական ինքնատիպ մօտեցումով: Արեւմտեան Հայաստանն ու ժողովուրդի մը ամբողջ ճակատագիրը պատկերող լուսանկարիչը խոստովանած է, որ լուսանկարները ստեղծուած են պատահաբար:
Ան նշած է, որ Սիվասլեան Թուրքիա մեկնած էր իր կնոջ հետ, «Հայերը 1915էն ետք» գիրքի աշխատանքները աւարտին հասցնելու նպատակով: Հոն առիթէն օգտնուելով շրջած է Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերը, հանդիպած մարդոց հետ ու լուսանկարած զանոնք:
Ցուցահանդէսը վերջ գտաւ Մայիս 15:








All the contents on this site are copyrighted ©.