2011-05-16 13:04:35

ՄԱԿի Մօտ Հայաստանի Առաքելութեան Մէջ Վարժողական Ծրագիր


ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն առաքելութեան տեղեկութեան համաձայն ՜՜ամառնային վարժողական ծրագիրը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 5-29ի միջեւ, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ: Մասնակիցները առիթը պիտի ունենան աշխատելու առաքելութեան անձնակազմին հետ, պիտի պատրաստեն տեղեկագիրներ ու պիտի կատարեն ուսումնասիրութիւններ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն: Այն մասնակիցներուն համար որոնք Նիւ Եորքէն չեն, ձրի կեցութիւն պիտի տրամադրուի, իսկ դիմումնագիրները պէտք է յանձնուին մինչեւ Մայիս 20:








All the contents on this site are copyrighted ©.