2011-05-16 13:10:32

Հայաստանի Մօտ Լեհաստանի Դեսպանը Ռաչինսքի կ՝ըսէ ՝՝ նպատակայարմար չէ Ղարաբաղի հարցին լուծումը փնտռել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն դուրս այլ կառոյցներու մէջ՝՝ .


Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին, Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Զտիսլավ Ռաչինսքի լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ ղարաբաղեան հարցի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ զիջումներու, միջազգային մասնակցութեան եւ բարի կամքի դրսեւորման վրայ:
Դեսպանը նշեց, որ ժամանակին հարցի լուծումը մօտ եղած է, սակայն իրականութիւն չէ դարձած, երկու պետութիւններուն ներքին խնդիրներուն եւ տրամադրութիւններուն պատճառով: Ան նաեւ ընդգծեց, որ նպատակայարմար չէ հարցին լուծումը փնտռել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն դուրս այլ կառոյցներու մէջ, քանի որ ատիկա կը խանգարէ բանակցային հոլովոյթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.