2011-05-15 13:04:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի 15 մայիս, Յարութեան չորրորդ կիրակին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Քրիստոսի յարութեան 4րդ կիրակինն է որ նաեւ կը կոչուի Բարի Հովիւի կիրակի, ուր Յովհաննէս աւետարնիչը իր 10- գլուխին մէջ կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս. ''Ես եմ Բարի հովիւը''։ Ով որ կ'ուզէ Յիսուսի հօտին մաս կազմել պէտք է մտիկ ընել ու անոր հետեւիլ ։ Արդարեւ ով որ Յիսուսի ձայնին մտիկ կ'ընէ կրնայ հանգիստ եւ ապահով ըլլալ ` ժառանգելու երկինքի Արքայութիւնը։
Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. այս կիրակի մեզի բնական կու գայ յիշել Եկեղեցւոյ հովիւները , կը հրաւիրեմ ձեզ աղօթել անոնց համար, որպէսզի լաւագոյնս առաջնորդեն Աստուծոյ հօտը։ Նոյնպէս կը խնդրեմ որ մասնաւորապէս աղօթէք քահանայական կոչումներու համար։ Եկեղեցին այսօր կը յիշատակէ քահանայական կոչումներու համաշխարհային օրը, հաստատուած 70 տարի առաջ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի կողմէ։
Սիրեցլեալ եղբայրներ ու քոյրեր, զօրացած զատկական ուրախութեամբ ու Յարուցեալի հաւատքով մեր խնդրանքերը յանձնառարենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, մայրը ամէն կոչումի, որպէսզի իր բարեխօսութեամբ յարուցանէ բազմաթիւ ու սուրբ կոչումներ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի ի սպաս։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս կոչ ըրաւ որպէսզի Լիպիայի վրայ դադրին ռմբակոծումները, որոնք բազմաթիւ ցաւ ու վիշտ պատճառած են բնակչութեան։ Թող բանակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով լուծուին ընդհարումները։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ Սուրիոյ խաղաղցումին համար, հարկաւոր է շուտափոյթ վերահաստատել համակեցութիւնը, ներդաշնակութիւնը ու միութիւնը բնակչութեան միջեւ։ Աստուծմէ կը խնդրեմ որ դադրի արիւնահոսութիւնը այն մեծ հայրենիքին մէջ որ եղած է օրրանը հոգեւորութեան ու քաղաքակրթութեան եւ կը հրաւիրեմ երկրի Իշխանութիւնները ու բոլոր քաղաքացիները որ ոչ մէկ ջանք խնայեն ընդհանուր բարիքին հաստատումին ի շահ, ընդառաջելով քաղաքացիներու խաղաղութեան ու կայունութեան արդար պահանջքին ։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները կրկին խօսելով երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի մասին որուն երանացումը համաշխարհային անդրադարձ ունեցաւ։ Միաժամանակ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ այսօր կիրակի 15 մայիս Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը նահատակ հայր Կորկ Հաֆների իսկ անցեալ 7 մայիսին` երանացումը քահանայ Ճիուսդինօ Ռուսոլիլլոյի` հիմնադիրը Աստուածային կոչումներու միաբանութեան։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ որպէսզի իր Եկեղեցին անպակաս պահէ սուրբ քահանաներէն։։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն յիշեցուց թէ մայիս ամսուան ընթացքին Եկեղեցին մասնաւորապէս կը մեծարէ ամենասուրբ Կոյս Մարիամը։
Նորին Սրբութիւնը Իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բացականչելով. Ձեզ ամէնքդ կ'օրհնեմ ու բոլորին կը մաղթեմ բարի կիրակի։
Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.