2011-05-15 09:35:37

Կարտինալ Գոխի Այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համամիութեան Խորհուրդին։


Կարտինալ Գոխ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, 8-10 մայիս, պաշտօնական այցելութիւն կատարեց , եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդին։ Այս այցելութիւնը առիթ տուաւ կարտինալին վերակոչելու ցայժմ կատարուած յառաջդիմութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդին միջեւ։ Կարտինալը մասնաւորապէս ընգծեց կարեւորութիւնը որ քրիստոնէական վկայութիւնը ունենայ նաեւ համամիութենական դրոշմ՝ որպէսզի մեր վկայութիւնը ըլլայ ներդաշնակ եւ ոչ թէ վատաձայն։ Համամիութեան կէտնպատակն է քրիստոնեայի առօրեայ հաւատքի աճումը որը սիրոյ մէջ պէտք է դրսեւորուի։
Նշենք թէ՝ եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդին կէտնպատակն է զարգացնել քրիստոնեաներու միութիւնը հաւատքի, վկայութեան ու սպասարկութեան մէջ աւելի արդար ու խաղաղ աշխարհ մը կերտելու համար։ Անիկա հիմնուած է 1948ին, անոր կը յարին բողոքական , անկլիգան եւ օրթոտոքս 349 եկեղեցիներ, որոնք կը ներկայացնեն աւելի քան 560 միլիոն քրիստոնեաներ եւ կ'աշխատին համագործակցութեամբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Անոր ընդհանուր քարտուղարն է նորվեկացի լիւտերական վերապատուելի Օլավ ֆիքս Դվէյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.