2011-05-15 12:19:15

«Զաման» Կը Գրէ Թուրքիոյ Հայատառ Մամուլին Գրեթէ Ամբողջական Անհետացման Մասին


Մայիս 8ի իր թիւով, «Զաման» թերթը անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ հայատառ մամուլին գրեթէ ամբողջական անհետացման հարցին՝ այդ նիւթով զրոյց մը ունենալով «Ակօս» թերթի յօդուածագիրներէն Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ:
Այս վերջինը ըսած է, թէ ներկայիս միայն երեք հայկական թերթեր կը գործեն Թուրքիոյ տարածքին՝ «Ժամանակ»ը, «Մարմարա»ն եւ «Ակօս»ը, մինչ 1915ին, 251 հայկական թերթեր կը գործէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, ապա աւելցուցած է, թէ այս մասին իր հեղինակած հատորը լոյս պիտի տեսնէ սոյն տարուան ընթացքին:
«Բոլոր լրագրողները, յօդուծագիրները, երգիծանկարիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք կապ ունէին նշեալ 251 թերթերու հրատարակութեանց հետ, ձերբակալուեցան եւ սպաննուեցան 1915ին», շեշտած է Միլտանօղլու, որ աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ 1950ականներու խստացած գրաքննութիւնը, ապա ունեւորութեան տուրքի պարտադրութիւնն ու փոքրամասնութեան դէմ պարտադրուած սեղմումները կացութիւնը աւելի վատթարացուցած են:
Միլտանօղլու նաեւ ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցած է հայկական տպագրութեան ծագումին մասին ու ըսած, թէ գիրքերու հրատարակութեան կողքին, հայերը աշխարհի տարածքին, 1794էն 1980ի միջեւ, լոյս ընծայած են 3095 պարբերականներ, որոնցմէ 613ը՝ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, իբրեւ գլխաւոր կեդրոններ ունենալով Պոլիսն ու Իզմիրը:
Կը նշուի նաեւ, որ Ցեղասպանութենէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնաթերթը, թրքերէնի կողքին, լոյս կը տեսնէր 5 այլ լեզուներով, որոնցմէ մէկը հայերէնն էր՝ արաբերէնի, յունարէնի, պարսկերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.