Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Անուանումներու Ամբողջացում։
Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Արենասը եւ գերապայծառ Պելը նշանակեց ընդհանուր
քարտուղարը ու ենթաքարտուղարը Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Այս նշանակումներով
Նորին Սրբութիւնը ամբողջացուց վերոյշեալ խորհուրդին կազմը, որ ունի որպէս նախագահ գերապայածառ
ֆիզիքելլան։ Յայտնենք թէ Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը մեծամասնութեամբ
կազմուած է եւրոպացի եկեղեցականներէն։ Հոկտեմբեր 2010-ին Սրբազան Հայրը ստեղծեց այս նոր
խորհուրդը միսիոնարական նոր սլացք մը տալու՝ Եւրոպայի ապաքրիստոնէացած հողամասերու մէջ,
թիրախ՝ աշխարհականացումի։ Սրբազան Քահանայապետը յայտնած է 2012-ի հոկտեմբերին սիւնոդոսի
մը գումարումը ''Նոր Աւետարանութիւն'' նիւթին մասին։