2011-05-14 12:18:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Շաբաթ 14 մայիս 2011-ի՝առաւօտեան (ժամը 11-ին) ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասէն հինգ եպիսկոպոսներ՝ որոնք եկած էին կատարելու իրենց Հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին ։
Իսկ ժամը 11.45 Գլեմենթինա սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական միսիոնարական գործունէութեան ընդհանուր ժողովի 110 մասնակցողներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Սպանիայի Երկրաշարժի Աղէտեալներուն Պարագներուն։
Սպանիայի Լորգա քաղաքի մէջ, 11 մայիսին՝ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը որ պատճառեց մեծ աւերներ։ Ի լուր բազմաթիւ զոհերուն եւ վիրաւորեալներուն Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց յայտնելով իր մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը բոլոր աղէտեալներուն։ Նոյնպէս՝ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը կը բարձրացնէ բոլոր անոնց որոնք օգնութեան հասած են աղէտեալներուն։











All the contents on this site are copyrighted ©.