2011-05-14 12:32:09

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Կը Ստանայ Դոկտ. Աֆ Մինիսթրիի Վկայականը։


Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2011.ին' Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վանգուվըրի մէջ (Քանատա), Պրիթիշ Գոլոմպիայի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքէն ստացաւ Դոկտ. աֆ Մինիսթրիի վկայականը: Նարեկ Սրբազանը 2005 թուականէն ի վեր կ’աշխատէր իր աւարտաճառին վրայ, որ կը կրէ ՜՜Կուսակրօն քահանայութիւնը 21րդ դարու Հայ Առաքելական Ոււղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան փորձառութեան ընդմէջէն՝՝ խորագիրը:
Սրբազանը, ուրբաթ, 29 Ապրիլին, յաջողութեամբ կատարեց իր աւարտաճառին պաշտպանութիւնը եւ արժանացաւ համալսարանի քննիչ յանձնաժողովի անդամներուն բարձր գնահատանքին: Արամ Ա. Կաթողիկոս ուրախութեամբ ողջունելով Սրբազանին յաջողութիւնը, ըսաւ թէ՝ ՜՜ՙայսպիսով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու՝ թէ համալսարանական բարձրագոյն ուսման յատուկ կարեւորութիւնը կ’ընծայէ՝՝:
Յայտնենք, որ Անթիլիասի Միաբանութեան այլ անդամներ եւս կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.