2011-05-14 12:36:00

ՅՊԲ.ի Երիտասարդներու Ուղղուած Ճառերու Հաւաքածոն։


Վատիկանի հրատարակչատունը երեք հատորներով կը հրատարակէ Երանելի ՅՊԲ. Քահանայապետի ճառերը ուղղուած երիտասարդներուն։
Ձեռնարկին խմբագիրն է, 38-ամեայ լեհ Վարդապետ՝ Հ. Ուրլիխ Սիրիլ Միիկպէնա։ Հաւաքածոյին նախաբանը կր կրէ Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրիի եւ Սալեզեան Քահանայապետական Համալսարանի Տնօրէն Հայր Գարլօ Նաննիի ստորագրութիւնները։
Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը հատորը ներկայացուց անցեալ 27 ապրիլի ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։
Սոյն հրատարակութիւնը, յայտարարած է Հայր Նաննի, մեծապէս կը հետաքրքրէ երիտասարդները՝ որոնք այնքան սիրեցին ՅՊԲ.ը, ինչպէս նաեւ՝ կը ծառայէ Կաթողիկէ համալսարաններու եւ Աստուածաբաններու գիտական ուսումնասիրութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.