2011-05-14 12:32:02

Մանկապարտէզի Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Սեմինար՝ Լիբանանի Մէջ։


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Գր. Նարեկացի Կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի նախաձեռնութեամբ՝ Զալքայի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ Մանկապարտէզի ուսուցիչներու վերապատրաստման երկօրեայ սեմինարը (14 եւ 15 մայիսին) զոր կը վարէ
Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիէթթա Կիւլամիրեան՝ դասախօս Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական պետական համալսարանի մէջ։
Ա օրուայ թեմանները՝
1. Հայերէնի գրաճանաչութեան գործընթացի կազմակերպման մեթոտաբանութիւն. Տառաճանաչութիւն եւ գրելու կարողութեան ձեւաւորում:
2. Մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն առանձնայատկութիւնները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ:
Իսկ երկրորդ օրը դասախօսութիւնները պիտի կեդրոնանան հետեւեալ թեմաներու վրայ.
1. Մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն պահանջմունքները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ:
2. Մարդու խառնուածքի դրսեւորումները մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն քով եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.