2011-05-14 12:37:28

Իտալացի Նահանգապետ Ռենցօ Թոնտօ Հայաստանի Մէջ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առջի օր ընդունեց Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեզիա-Ճուլիա նահանգի նահանգապետ Ռենցօ Թոնտոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Սարգիսեան նշեց, որ հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները աւանդական բնոյթ ունին եւ պատմութիւնը շատ լաւ հիմք ստեղծած է այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Իտալիոյ հետ բազմաբնոյթ կապերու ու համագործակցութեան խորացումով եւ չափազանց կարեւոր կը նկատէ քաղաքական երկխօսութեան, միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու, առեւտրատնտեսական, կրթամշակութային, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան զարգացումը` ողջունելի նկատելով Ֆրիուլի-Վենեսիա-Ճուլիա նահանգի եւ Տաւուշի մարզին միջեւ ամրապնդուող յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքը:
Նահանգապետ Ռենցօ Թոնտօ յոյս յայտնեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ յարաբերութիւններու սերտացումը լրացուցիչ խթան հանդիսանայ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման համար: Ընդգծելով հայ-իտալական տնտեսական բաղադրիչի կարեւորութիւնը` ան նշեց, որ գործարարական շրջանակներուն միջեւ անմիջական յարաբերութիւնները խթանելու նպատակով իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Հայաստան ժամանած են իտալացի գործարարներ, որոնք իրենց հայ գործընկերներուն հետ պիտի քննարկեն փոխադարձ շահաւէտ եւ հեռանկարային համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Հայաստանեան այցելութեան մասին ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները` իտալացի նահանգապետը նշեց, որ «Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին մենք գտանք մեր ընդհանուր քրիստոնէական արմատները: Ես չափազանց տպաւորուած եմ գեղեցիկ Հայաստանով»:
Իտալացի Նահանգապետը այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր, որուն մասին ըսաւ, որ իրեն համար չափազանց յուզիչ եղած է այն, ինչ որ տեսած է եւ լսած:







All the contents on this site are copyrighted ©.