2011-05-14 12:48:53

Եւրոպական եւ Միջերկրականի Երկիրներու Ճարտարարուսետի Նախարարներու Նիստին՝ Նախարար Աբրահամ Տէտէեան Գլխաւորեց Լիբանանի Պատուիրակութիւնը։


Լիբանանի Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեան նախագահեց եւրոպական եւ միջերկրականի երկիրներուն ճարտարարուեստի նախարարներուն Ը. Խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մալթայի մէջ:
Երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան 2011-ի եւ 2012-ի աշխատանքային ծրագիրները:
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախարար Տէտէեան մասնակիցները տեղեակ պահեց, թէ Լիբանան կը պատրաստէ փոքր եւ միջին հաստատութիւններու օժանդակութեան ֆոնտ մը հաստատելու ծրագիր մը, որ պիտի ներկայացուի Եւրոպական Միութեան:

Նախարար Տէտէեան հանդիպումներ ունեցաւ Մալթայի մէջ նաեւ Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Կիպրոսի, Մալթայի, Մոնթէ Նեկրոյի, Պաղեստինի եւ Թունուզի ճարտարարուեստի նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ներդրումներու եւրոպական դրամատան նախագահին հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.