2011-05-14 12:48:37

Եւրոխորհրդարանը Միաձայնութեամբ Դատապարտեց Ատրպէյճանը։


Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մայիս 12ին, Սթրազպուրկի իր լիագումար նիստին ընթացքին Եւրոպական Խորհրդարանը խստիւ դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մարդկային իրաւանց, հաւաք կազմակերպելու եւ խօսքի ազատութեանց դէմ դրած իրենց կաշկանդումներուն համար։Եւրոխորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական խումբերու անդամները իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտած են Պաքուի իշխանութեանց օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները՝ Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց խախտումներուն համար, եւ շեշտած են թէ, Եւրոմիութիւնը պէտք չէ հանդուրժողական կեցուածք ցուցաբերէ Ալիեւի վարչախումբին նկատմամբ, պարզապէս, որովհետեւ Ատրպէյճանէն ուժանիւթ ու քարիւղ կը ստանայ:
Նշենք որ 11 Մայիսին, Արցախի սահմանի հարաւարեւելեան հատուածին, հողագործական աշխատանք կատարելու պահուն, հակառակորդին կողմէ շուրջ ժամը 6:05ին արձակուած գնդակով վիրաւորուած ու Հադրութի քաղաքացիական հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է Հադրութ շրջանի Քիւրաթաղ գիւղի բնակիչ, 1978ի ծնեալ Արայիկ Բալասանեանը (ռատիօ-վատիկանի անձնակազմի ցաւակցութիւնները Բալասանեան ընտանիքին)։
Արցախի պաշտպանութեան բանակին (ՊԲ) տուեալներով, միայն վերջին երկու օրերուն, հակառակորդը տարբեր զինատեսակներով ՊԲ դիրքերը գնդակոծած է աւելի քան 400 անգամ:







All the contents on this site are copyrighted ©.