2011-05-13 12:24:57

Չինաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Հարստահարումը Չի Խնայեր Նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին։


Չինաստանի եւ մասնաւորապէս Հեպէյի մարզին մէջ ոստիկանութիւնը միշտ աւելի ճնշում եւ հալածանք կը բանեցնէ բոլոր անոնց դէմ որոնք կը պայքարին բարենորոգումի ի խնդիր ու կը դատապարտեն իշխանութեան շահագործումը։ Քրիստոնեաները եւս թիրախ են սոյն հալածանքին։ Վերջերս կաթողիկէ քահանաներ ենթարկուած են բուռն ճնշումներու եւ անոնցմէ ոմանք դատապարտուած են այսպէս կոչուած ''քաղաքական վերադաստիարակութեան''որ ի գործ կը դրուի համայնավար վարչակարգերու մէջ ։ Նշենք թէ Հեպէյի մարզին մէջ ներկայիս երկու Եպիսկոպոսներ ձերբակալուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.