2011-05-13 12:52:51

Թուրքիոյ Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՝այցելէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը (Թուրքիոյ մէջ 12 Յունիսին տեղի կ՝ունենան քաղաքական ընտրութիւնները)։


 Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը (կուսակցութիւնը հիմնուած է նոյնինքն Աթաթիւրքի կողմէ) երեքշաբթի օր այցելած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան, ուր կուսակցութեան փոխ-նախագահ Օսման Քորութիւրքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեանի հետ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քորութիւրք յայտնած է, որ ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Լոզանի Համաձայնագիրով ազգային փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ «ինչո՞ւ Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ընտրացանկին վրայ հայ թեկնածուներ չէ ներառած», Քորութիւրք յայտարարած է. «Մենք տարբերութիւն չենք դներ հայու, յոյնի, հրեայի, քիւրտի թէ չերքեզի միջեւ: Դժբախտաբար, ընտրութիւններուն մասնակցելու համար դիմած 4300 անձերուն շարքին շատ արժէքաւոր մարդիկ կային: Ստիպուած էինք այդ թիւը նուազեցնելով հասցնել 550-ի»:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ «արդեօք պատրիարքարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկուեցա՞ւ»: Քորութիւրք պատասխանած է. «Այդ նիւթը չքննարկեցինք: Նիւթին առնչութեամբ ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութեան դիրքորոշումը հետեւեալն է. մենք գիտենք, որ ցաւալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են, սակայն երկու կողմերն ալ ցաւ տեսած են: Մենք կողմնակից չենք, որ այդ իրադարձութիւններուն տրուի Ցեղասպանութիւն բնորոշումը: Թող նիւթը քննարկեն պատմաբանները եւ յստակացնեն: Եթէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշ բաներ ի յայտ գան, եւ անոնց առնչութեամբ պատմաբաններուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, մենք ատիկա կ՛ընդունինք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.