2011-05-13 12:23:26

՜՜Յոյս Մը Համայն Եկեղեցւոյ Համար՝՝ Համագումար Հռոմի Մէջ։


13 մայիսէն մինչեւ կիրակի 15 մայիս, Հռոմի Ամենասուրբ Երրրորդութեան նուիրուած եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ երրորդ Համագումարը Պենետիկտոս ԺԶ.ի <<Յոյս Մը Համայն Եկեղեցւոյ Համար>> վերտառութիւնը կրող ինքնայօժար գրութեան մասին ։ Այս առթիւ ուրբաթ 13 մայիսին լոյս տեսաւ Քահանայապետական Եկեղեցական Յանձնախումբի ուղեգիծը Սրբազան Քահանայապետին ինքնակամ գրութեան կիրարկումի մասին։ Սոյն ուղեգիծը լոյս պիտի տեսնէ նաեւ 14 մայիսին Օսսերվաթորէ Րոմանոյ վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին մէջ։ Համագումարը վերջ կը գտնէ կիրակի 15 մայիսին Սուրբ Պատարագով մը, գլխաւորութեամբը՝ Կարտինալ Անթոնիօ Գանիզարէս Լիովէրայի Աստուածային Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհրդոց Ժողովի կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.