2011-05-12 12:23:52

Եւրոպայի կրօնապետերը առաջին անգամուան համար իրենց համագումարը կը կատարեն Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ։


Եւրոպայի կրօնապետերու տարեկան հաւաքը առաջին անգամուան համար Մոսկուա պիտի գումարուի յառաջիկայ 21-23 յունիսին, ունենալով որպէս խորհրդածութեան բնաբան. ''Մարդու իրաւունքը ու Եւրոպայի աւանդական արժէքները''։
Նշենք թէ կրօնապետերու եւրոպական խորհուրդին մաս կը կազմեն հրեաներ, քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ։ Խորհուրդը, որ կը հաշուէ 45 հոգի, հիմնուած է Օսլոյի մէջ 2002 թուականին։
Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ քրիստոնեաներու կրած բռնութիւնները մեծապէս կը մտահոգէ Վատիկանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.