2011-05-12 12:23:59

Ապահովութեան Պահանջք Կայ Եկեղեցիներուն եւ Հաւատացեալներուն Համար, Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Կաթողիկէ Ղպտիներու առաջնորդը Անթոնիոս Եպ. Մինան


Կաթողիկէ Ղպտիներու առաջնորդը Անթոնիոս Եպ. Մինան, արտայայտուելով անցեալ շաբաթ օրուայ Եգիպտոսի Կիզայի Թեմի մէջ քրիստոնեաներու եւ սալաֆիթներու միջեւ բախումներու մասին, որ պատճառած է 12 մեռեալ եւ 200 վիրաւոր, պահանջած է բռնութիւններուն պատասխանատուներուն ձեռբակալութիւնը. որով, նշել տուած է ան, չենք կրնար խաղաղութեան եւ հաշտութեան ձգտիլ եթէ ահաբեկիչները չյանձնենք արդարութեան։ Ան ապա հաստատած է թէ Եգիպտական բանակը` շաբաթ օրը վախի ու շփոթի մէջ էր, եւ դանդաղօրէն միջամտած էր հարցը լուծելու համար։
Միւս կողմէն՝ Ղպտիներու պատրիարքը Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես <<այս լուրջ եւ վտանգաւոր վիճակին>> ու մաղթած որ Եգիպտոսի զինուորական կառավարութիւնը լրջօրէն ուսումասիրէ ծայրայեղներու հարցը, մինչ Լուքսորի եպիսկոպոսը՝ Եոհաննէս Զաքարիա ըսած է որ քրիստոնեաները սպառնալիքներու դիմաց վճռած են ամէն գնով վկայելու Քրիստոսը իրենց ապրած հողին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.