2011-05-12 12:23:41

՜՜Կրօնքը Երբեք Չի Կրնար Արդարացնել Բռնութիւնը՝՝


Կ՛ըսէ Կարտինալ Թոռան Պանկլատեշ կատարած իր այցելութենէն վերադաձին։
Չորս օրուայ այցելութիւն մը խաղաղ մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին նշմարեցի թէ Պանկլատէշը կրնայ նկատուիլ կրօններու եղբայրական համերաշխութեան համակեցութեան վայր մը։ Այսպէս արատայարուեցաւ Կարտինալ Ժան Լուի Թորան` նախագահը Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդին, Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։
Պանկլատէշ իր կեցութեան ընթացքին, ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ Իսլամ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին առիթ ունեցաւ հաստատելու թէ ոչ մի գիրք, վայր եւ կամ տօնախմբութիւն որոնք սուրբ նկատուած են զանազան կրօններու միջեւ, անհանդրժողութեան պատճառ կրնան դառնալ։
Իսկ աղօթքի վայրերու մէջ հաւատացեալներու դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումները Աստուծոյ դէմ արարք կը նկատուին։
Կարտինալը այս խօսքերը արտասանեց Կաթողիկէ, Քրիստոնեայ, Իսլամ եւ այլ կրօններու աւելի քան 500 ներկայացուցիչներու եւ Պանկլատէշի մշակոյթի նախարարին առջեւ, որոնք համախմբուած էին զրուցելու <<կրօններու միջեւ երկխօսութիւն>> նիւթին մասին։
Համագումարը կազմակերպուած է Պանկլատէշի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ որուն նպատակն է հաստատել թէ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը կը հադիսանայ աղբիւր՝ համերաշխութեան ու միութեան ընկերային կեանքի բարելաւման ։ Կարտինալ Թորան գոհունակութիւն յայտնեց երկրի զանազան կրօններու միջեւ կապերու բարելաւման համա հաստատելով որ կրօնքը երբեք չի կրնար արդարացնել բռնութիւնը։ Կարտինալը ցաւ յայտնեց ըսելով ՜՜ կը գտնուինք աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ տարբեր ու տխուր երեւոյթներու դիմաց, ուր յաճախ կրօնը շահագործուած է անձական շահերու համար, զայն դարձնելով բախումներու եւ անհասկցողութեան պատճառ, ինչպէս կը պատահի այս օրերուն Եգիպտոսի մէջ, Ղպտիներու եւ Սալաֆիթներու միջեւ։ Կրօնը չի կրնար պարտադրուիլ վերին ուժէ մը - ըսած է Կարտինալը - եւ այս մէկը կրօնի ազատութեան հիմնական իրաւունքի դէմ իրողութիւն մըն է. ու հաստատած թէ սոյն կարծիքը Պենետիկտոս ԺԶ.ի զանազան ելոյթներու կեդրոնական նիւթը եղած է։
Պանկլատէշ իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Թորանը այցելեց զանազան կրօնական կեդրոններ որոնց շարքին Պէյթ էլ Մուքարրամի մզկիթը։
Այս մէկը -յայտարարեց Կարտինալ Թորան - շատ գեղեցիկ պահ մը եղաւ։Ողջունելով Իսլամական կրօնապետերը, իսկապէս զգացի եղբայրական զգացումները։ Կարտինալը ապա հանդիպում ունեցաւ Պանկլատէշի Նախագահ Զիլլուր Րահմանի հետ որուն փոխանցեց Պենետիկտոս ԺԶ սիրալիր մաղթանքներն ու օրհնութիւնը։
Նշենք թէ Պանկլատէշի քրիտոնեայ կաթողիկէ համայնքը ունի 320.000 հաւատացեալ 290 քահանայ 95 կրօնաւոր եւ 1.300 մայրապետներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.